Պաղտատի ՄԷջ Տեղի ունեցաւ Հայոց Ազգային Վարժարանի Դպրոցի Աւարտական Հանդէսը
Posted on
Հովանաւորութեամբ՝ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի 30 Հոկտեմբեր 2021-ին, Ազգային վարժարանի դպրոցին կից Կիւլպէնկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 6-րդ նախակրթարանի եւ 3-րդ միջնակարգի շրջանաւարտներու աւարտական հանդէսը։ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ շեշտեց գիտութեան կարեւորութիւնը եւ յորդորեց հնարաւորինս շատ գիտելիքներ ամբարել, հզօր համայնք եւ հզօր հայրենիք ստեղծելու համար։ Աւարտին նուէրներ բաժնուեցան աւարտած եւ գերազանց աշակերտներուն։ Ներկայ էին Արժ. Տ. Գէորգ Քհնյ. Արշակեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն, ուսուցչական կազմը եւ ծնողներ։