Մարդու Իրաւունքներու Գրասենեակի Անդամի Այցը Առաջնորդարան
Posted on
4 Նոյեմբեր 2021-ին, Իրաքի Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեան, Առաջնորդարանի սրահին մէջ ընդունեց Իրաքի մէջ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի անդամ Պրն․ Ուպէյտ Ալ-Ճպուրին։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Իրաքի հայութեան վերաբերող հարցերը եւ անոնց լուծման ճանապարհները։ Հանդիպման ներկայ էր Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Պրն․ Գէորգ Գատոյեան։