7 Նոյեմբեր 2021-ին, Պաղտատի Սբ․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Յաւարտ Սբ.պատարագին, եկեղեցւոյ կից ցեղասպանութեան յիշատակի խաչքարին մօտ աղօթք եւ մոմավառութիւն կատարուեցաւ 44 օրեայ Արցախեան պատերազմին զոհուած քաջարի զինուորներու յիշատակին։ Պատարագիչն էր՝ Արժ․ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Արշակեան։ Ներկայ էին Ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետը եւ անդամներէն ոմանք, ինչպէս նաեւ Եկեղեցապան մարմնի անդամներէն եւ հաւատացեալ բազմութիւն։












