Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Էրպիլի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ
Posted on
7 Նոյեմբեր 2021-ին, Էրպիլի Սբ․ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Յաւարտ Սբ. Պատարագի տեղի ունեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն 44 օրեայ Արցախեան պատերազմին զոհուած քաջարի զինուորներու յիշատակին։ Պատարագիչն էր՝ Արթուն Քհնյ․ Խալաթեան։ Ներկայ էին ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Պրն․ Արշակ Մանուկեան, հիւպատոսութեան անձնակազմը, Էրպիլի Թաղական խորհուրդի անդամները եւ հաւատացեալ բազմութիւն։