5 Դեկտեմբեր 2021-ին, Պաղտատի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ մատուցուեցաւ Սբ․ եւ Անմահ Պատարագ: Յաւարտ Սբ․ Պատարագին շարք մը բարերարներու շնորհակալագրեր յանձնուեցան։ Սրբազան Հայրը իր յորդորին մէջ կարեւորեց անոնց եկեղեցաշէն դերը անկախ կրօնական պատկանելիութենէն։ Այս եկեղեցին միշտ եղած է սրբատեղի Իրաքի հասարակութեան բոլոր ներկայացուցիչներուն համար։ Այս ձեռնարկին ներկայ էին Արժ․ Տ․ Գէորգ Քհնյ․Արշակեանը, Եկեղեցապան Մարմնի անդամները եւ հիւրեր։












