ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանէն Ներս Յիշատակուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին Տօնը

Օրհնութեամբ՝ Իրաքի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի, Դեկտեմբեր 18-ին, Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի սրահին մէջ յիշատակուեցաւ Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին տօնը։ Հպարտութեամբ նշենք, որ առաջնորդարանի թանգարանին մէջ կը գտնուի Սուրբի Մասունքը՝ տեղադրուած խաչի պատեանի մէջ, որ բերուեցաւ արարողութեան ընթացքին։ Ձեռնարկի աւարտին Սրբազան Հայրը՝ իր փակման խօսքէն ետք ներկաները հրաւիրեց Սուրբ մասունքէն օրհնութիւն ստանալու։ Օրուան ներկայ էին Ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետը եւ անդամները եւ առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը, որոնք շնորհաւորեցին Սուրբի անունը կրող անձանց։

Print Friendly, PDF & Email

%d