25 Դեկտեմբեր 2021-ին, Հ.Մ.Ը. Միութեան սկաուտական խորհուրդը Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան Տօներուն առթիւ միութեան մարզասրահին մէջ, կազմակերպեց՝ մանկական խնճոյք, որուն ընթացքին կատարուեցան բանաստեղծութիւններ, երգեր ու խաղեր: Խնճոյքի աւարտին Կաղանդ Պապան նուէրներ բաժնեց մանուկներուն:




