29 Դեկտեմբեր 2021-ին, Իրաքի ընտրական յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը այց կատարեց Իրաքի Հայոց առաջնորդարան: Հիւրերը ընդունեցին Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւաք Արք․ Ասատուրեանը եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներէն ոմանք։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան վերջի ընտրութիւններուն ընթացքը եւ խնդիրները։ Հանդիպման աւարտին պատուիրակութիւնը յուշանուէրներ յանձնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ այցելեցին առաջնորդարանի գրադարան, թանգարան եւ ցուցասրահը անոնց կուղեկցեր կեդրոնական վարչութեան անդամ Պրն․ Կարապետ Գալուստեան։






