Նոր Տարուայ եւ Հիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօներուն առթիւ Էրպիլի Գրական եւ Մշակութային միութեան վարչութիւնը ձեռնարկ մը կազմակերպեց, որ տեղի ունեցաւ 27 Դեկտեմբեր 2021ին։ Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցան երգեր ու բանաստեղծութիւններ եւ տեղի ունեցաւ նուէրներու բաշխում երեխաներուն։ Օրուան ներկայ էին՝ Արժանապատիւ Տեր Արթուն Քահանայ Խալաթեան Էրպիլի Հայ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, հիւպատոսներ Պրն. Անդրանիկ Յարութիւնեան, Պրն. Կարէն Գալայեան եւ Էրպիլի հայ համայնքի զաւակները։ Նոր Տարին թող ըլլայ խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ միասնականութեան տարի, Հայաստանի, Արցախի եւ համայն Հայութեան համար ։








