ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ՏԸՀՕՔ

Նռնօրհնէքի Արարողութիւն Տըհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ Մէջ

Շաբաթ, 1 Յունուար 2022-ին , Ամանորի եւ Նռնօրհնէքի առիթով Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ Տըհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ ,  յետ Պատարագի կատարուեցաւ Սուրբ Ծննդեան եւ ջրօրհնէքի արարողութեան  խաչքաւորի ընտրութիւնը: Այնուհետեւ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կողմէ տեղի ունեցաւ Շնորհակալագրերու շնորհում Շնորհալի Դպրաց եւ Սարկաւագաց դասին եւ փոքրիկ դպիրներու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ  նուէրներ բաշխուեցան  աւարտող հայ  աշակերտներուն:

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: