26 Դեկտեմբեր 2021-ին, Էրպիլի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագի աւարտէն ետք Ամանորի եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, Էրպիլի Հայոց համայնքի Թաղական խորհուրդը եւ Տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպեցին նուէրներու բաշխում մեր սիրելի փոքրիկներուն։






