13 Փետրուար 2022-ին, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակը: Հանդիսապետութեամբ՝ Իրաքի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի, կատարուեցաւ ժամերգութիւնը, որուն աւարտին Սրբազան Հօր ձեռամբ տօնական ճրագը ժողովուրդին փոխանցուեցաւ, ապա թափօրին եւ հաւատացեալներու ուղեկցութեամբ՝ դուրս բերուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր վառեցին Տեառնընդառաջի խարոյկը: Ներկայ էր ՀՀ  դեսպանատան հաւատարմատար Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետն ու անդամները եւ  հաւատացեալ ժողովուրդ։

About The Author

By iamc