13 Փետրուար 2022-ին, Էրպիլի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ քառասնօրեայ Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակը: Հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Արթուն քհնյ. Խալաթեանի, կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որուն աւարտին Տէր Հօր ձեռամբ տօնական ճրագը ժողովուրդին փոխանցուեցաւ, ապա թափօրին եւ հաւատացեալներու ուղեկցութեամբ՝ դուրս բերուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր վառեցին Տեառնընդառաջի խարոյկը: Ներկայ էին Թաղական խորհուրդի անդամները եւ հաւատացեալ ժողովուրդ։

About The Author

By iamc