14 Ապրիլ 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Մասիս Քհնյ․ Շահինեանի Տըհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ, կատարուեցաւ Ոտնլուայի կարգը, որմէ ետք Աւագ շաբթուան ամենայուզիչ արարողութիւնը՝ Խաւարման կարգը, ի յիշատակ Քրիստոսի մատնութեան եւ չարչարանքներուն։ Սոյն արարողութիւններուն մասնակցեցան՝ համայնքի զաւակները։





