12 Ապրիլ 2022-ին, Իրաքի Հայ Դատի անդամները, ընկերակցութեամբ՝ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Իրաքի Դայ դատի մարմինը ամփոփ գիծերով Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց իր աշխատանքները։ Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնը իր մտածումները պարզեց եւ թելադրութիւնները կատարեց  Հայ դատի աշխատանքները աւելի ազդու կերպով կազմակերպելու գծով, յատկապէս նկատի ունենալով միջավայրին առնչուած քաղաքական ու կրօնական մօտեցումներն ու զգայնութիւնները: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց  Հայ դատի մարմիններուն կատարած աշխատանքը մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն հետապնդման ուղղութեամբ:

About The Author

By iamc