17 Ապրիլ 2022-ին, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ՝ Իրաքի Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով։ Հոծ հաւատացեալներու ներկայութեամբ՝ Սրբազան Հայրը իր պատգամը յղեց բացատրելով օրուայ մեծ խորհուրդը։ Պատարագին ներկայ էին՝ Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հաւատարմատար Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ Պրն․ Մելքոն Մելքոնեանը եւ անդամները, եւ բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդ։







