16 Ապրիլ 2022-ին, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ՝ Իրաքի Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի մատուցուեցաւ Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Ներկայ էին՝ Աւստրալիոյ դեսպան Տիկ․Փաուլա Էլիզապէթ Կանլի, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամները եւ հաւատացեալ ժողովուրդ։





