17 Ապրիլ 2022-ին, Տըհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան հանդիսաւոր պատարագը։ Արարողութեան ներկայ էին՝ Տըհոքի Քրիստոնէական աւանդապահութեան տնօրէն Պրն. Մուհամատ Խալըտ, նաեւ Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։




