22 Ապրիլ 2022-ին, կազմակերպութեամբ՝ Էրպիլի Հայ Մշակութային եւ Ընկերային Միութեան վարչութեան, միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 107 ամեակի ոգեկոչման։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ միութեան վարչութեան կողմէ՝ Պրն․ Հրանդ Վարդանեան, այնուհետեւ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ, ուր իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր տարիքային խումբերու ներկայացուցիչներ, կատարելով ազգային երգեր եւ բանաստեղծութիւններ։ Աւարտին ծաղկեպսակներ տեղադրուեցան ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ։ Ձեռնարկին ներկայ էին՝ Արժ․Տ. Արթուն Քահանայ խալաթեան, Էրպիլի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Պրն. Արշակ Մանուկեան եւ հիւպատոս Պրն․ Անդրանիկ Յարութիւնեան, եւ համայնքի զաւակներէն։












