29 Ապրիլ 2022-ին, Էրպիլի Գրական եւ Մշակութային Միութեան ատենապետն ու անդամները այցելեցին Էրպիլի մէջ ՀՀ հիւպատոսութիւն, անոնց  ընդունեց  ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Պրն․ Արշակ Մանուկեան: Հիւրերը՝  նախ շնորհաւորեցին Պրն. Մանուկեանը Ս. Յարութեան տօնին առթիւ ։ Ապա՝  ներկայացուցին միութենէն ներս կազմակերպուող մշակութային, գեղարուեստական եւ հասարակական  ձեռնարկները, եւ մայրենի լեզուի ուսուցման հարցը։ Գլխաւոր հիւպատոսը ողջունեց միութեան ազգանուէր աշխատանքը  եւ արժեւորեց այն ջանքերը, որ կը գործադրուին միութեան գործունէութիւնը զարգացնելու  ի ծառայութիւն  համայնքի զաւակներուն։

About The Author

By iamc