ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Պաղտատի Մէջ Նշուեցան Համբարձման Եւ Հայաստանի Անկախութեան Տօները

27 Մայիս 2022-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնին առիթով։ Ս. Պատարագէն ետք  կազմակերպութեամբ՝  Իրաքի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայոց Ազգային վարժարանի Կիւլպէնկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ նուիրուած՝  Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնին։ Ձեռնարկին ընթացքին  ներկայացուեցան պատմական փաստեր, տեսանիւթեր, հնչեցին երգեր ու երաժտութիւն։ Աւարտին Սրբազան Հայրը փակման խօսքով հանդէս եկաւ կարեւորելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան  անկախութեան ձեռքբերումը։ Օրուան ներկայ էին՝ Իրաքի ՀՀ դեսպանութեան հաւատարմատար Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամները, հայագէտեր, հիւրեր։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: