ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Ընտրուած Է Տ․ Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան

Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի սրահին մէջ 13 Մայիս 2022-ին, Իրաքի Հաոյց Թեմի Առաջնորդի եւ հոգեւորականաց դասի ներկայութեամբ  Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ  Իրաքի տարբեր մարզերէ Պաղտատ ժամանած  հայ համայնքներու Թաղական խորհուրդներու գումարած ժողովին կատարուած է նոր թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւն։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ-ի բարձր տնօրինութեամբ առաջադրուած էր երեք թեկնածուներ եւ Քուէարկութեան արդիւնքով  Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ  ընտրուեցաւ Հոգեշնորհ Տ․ Օշական Վարդապետ Կիւլկիւլեան։ Ներկաները բարձր գնահատեցին ներկայիս Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի փառահեղ եւ օգտաշատ քառասնամեայ գործունէութիւնը, իսկ նոր ընտրուած Առաջնորդին  բարի ծառայութիւն մաղթեցին։

Print Friendly, PDF & Email

About The Author