28 Մայիս 2022-ին, Տըհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ երեկոյ նուիրուած՝ Համբարձման տօնին եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան 104 ամեակին, երեկոյին մասնակցեցան եկեղեցւոյ դպրաց եւ սարկաւագաց դասերը։ Ներկայ էին՝ Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, ինչպէս նաեւ համայնքի ընտանիքները։ Հանդէսէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։










