7 Յունիս 2022-ին, Տըհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․ Մասիս Քհնյ․ Շահինեան եւ Թաղական խորհուրդի ատենապետ Պրն․ Երուանդ Էմինեան, անդամ Պրն․Վազգէն Սիրոբեանի ուղեկցութեամբ այցելեցին Տըհոք Քաղաքի Մշակոյթի եւ Արուեստի կեդրոնը, ուր ցուցադրուած էին Քիւրտիստանի եւ տարածաշրջանի ժողովուրդներու ազգային տարազները։ Շրջայց կատարելէ ետք՝ հայկական տարազ մը նուիրեցին թանգարանին։








