13 Օգոստոս 2022-ին, Հաւրէզք գիւղի՝ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Շողակաթի Ս. Էջմիածնի եւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօներուն առթիւ։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը։ Ներկայ էին՝ Թաղական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները եւ գիւղի հաւատացեալ ժողովուրդ։





