5 Սեպտեմբեր 2022-ին, Տըհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եկեղեցւոյ օծման 14-րդ տարեդարձին առիթով, օրուան պատարագիչն էր Հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեանը: Ս. Պատարագին մասնակցեցան Շնորհալի դպրաց եւ սարկաւագաց դասերը։ Ներկայ էին՝ Թաղական խորհուրդի նախկին ու ներկայ ատենապետն ու անդամները եւ համայնքի զաւակները։ Արարողութեան աւարտին բոլորը հիւրասիրուեցան ընթրիքի սեղանով։






