10 Սեպտեմբեր 2022-ին, Հաւրէզք գիւղի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Նաւակատիքի եւ Վերացման Ս. Խաչի տօներուն առթիւ, Ս. Պատարագին մասնակցեցան եկեղեցւոյ Դպրաց եւ Սարկաւագաց դասերը։ Ներկայ էին՝ Թաղական խորհուրդի ատենապետը եւ անդամները, նաեւ գիւղի հաւատացեալ բնակիչները։





