ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ՊԱՍՐԱ

ՀՈՎՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՍՐԱ

-Առաջին օր-

Եռօրեայ Հովւական այցելութեամբ, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ  Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը, Չորեքշաբթի օր Հոկտեմբերի 26ի գիշերը ժամանեց  Պասրա։ Հայր Սուրբին կուղեկցէին՝ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ տիար Մելքոն Մելքոնեանը, բրշհ. Արամ սրկ. Քէթէնճեանը եւ պարոն Վահէ Աւետիսեանը։ Հինգշաբթի առաւօտ, Առաջնորդ Հայր Սուրբը, ամենէն առաջ այցելեց Պասրայի Ս. Աստուածածին հինաւուրց եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ Պասրայի հոգեւոր հովիւ Տ. Ղեւոնդ Աբղ. Սաղաթելեանի և Թաղական Խորհուրդի անդամներուն կողմէ։ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ բարի գալուստի աղօթք։ Անկէ յետոյ Առաջնորդ Հայր Սուրբը, ծրագրուած ժամադրութեամբ, նախ այցելեց Քաղթէական եկեղեցին։ Զինքը դիմաւորեց Եկեղեցւոյ առաջնորդ Գեր. Տ. Հապիպ Ալ-Նօֆէլի եպիսկոպոսը, ապա այցելեց Ասորի Կաթոլիկ եկեղեցին։ Այս եկեղեցւոյ առաջնորդը առաքելութեամբ մը Լիբանան գտնուելու  պատճառով, Թեմիս Առաջնորդին ու պատուիրակութեան ընդունեց Տ. Պութրուս աբեղան: Հայր Սուրբը իր այցելութեանց շարքը փակեց Ասորի Ուղղափառ դաւանակից եկեղեցիով, ուր դիմաւորուեցաւ Արժ. Տ. Սամաան Խտր քահանայ հօր կողմէ։

Ողջոյնի խօսքեր եւ Քրիստոնեաներու հետ  առնչուող զանազան տեսակէտներ փոխանակելէ ետք՝ Հայր Սուրբը յիշեալ կղերականներուն հրաւիրեց մասնակցելու յաջորդ օր Ս. Աստուածածին Հայ եկեղեցւոյ մէջ  մատուցուելիք Ս.Պատարագին:

Յիշատակութեան արժանի է որ բոլորն ալ անհուն ուրախութեամբ ընդունեցին Հայր Սուրբը և մտերմիկ մօտեցում ցուցաբերեցին։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: