Ընդառաջելով Արեւելքի Ասորական Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-Պատրիարք Մար Ավա Գ. Ռոյէլի հրաւէրին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը Կիրակի օր, Նոյեմբերի 27ին պատուիրակութեամբ մը մասնակցեցաւ Էրպիլի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Ասորական Մայր Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Մետրոպօլիտի ձեռնադրութեան արարողութեան: Անոր կ՛ընկերանային՝ Էրպիլի հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տ. Արթուն քհնյ. Խալաթեան, Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Պարոն Վարդան Վարդանեան եւ Էրպիլի թաղական խորհուրդի անդամ՝ Պարոն Յակոբ Խալաթեան:
Ձեռնադրութեան աւարտին Առաջնորդ Հայր Սուրբը շնորհաւորեց Պատրիարք կաթողիկոսը, իսկ նորընծայ մեթրոփոլիթին մաղթեց քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւն իր առաքելութեան մէջ:

Ծանօթ։

Լուսանկարները արտահանուած են ԱՇԹԱՐ կայքէջէն։

.تم اختيار بعض الصور من موقع قناة عشتار

About The Author

By iamc