Զախօյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքներուն հետեւելու նպատակով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը, ընկերակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Պարոն Վարդան Վարդանեանի, Նոյեմբերի 26ին մեկնեցաւ Զախօ: Առաջնորդ Հայր Սուրբին դիմաւորեցին  թաղական խորհուրդի ատենապետ՝ Պարոն Դաւիթ Մարտիրոսեանը եւ թաղականութեան անդամներ:

Հայր Սուրբը եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն եւ մասնագէտներուն հետ քննարկեց եւ թելադրութիւններ ըրաւ թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ ծխատան շինարարական աշխատանքներուն մասին:

About The Author

By iamc