Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ շնորհաւորաքներ ներկայացնելու նպատակով, ամսոյս 4ին Իրաքահայ Թեմ այցելեց «Քէսէնզանի» դաւանանքին պատկանող տասը անձնաւորութիւններէ բաղկացած Իսլամ պատուիրակութիւն գլխաւորութեամբ մշակութային խորհուրդի նախագահ դոկտ. Ահեմէտ Ապաս-ի: Պատուրակութեան ընդունեցին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը, Արժ. Տ. Գէորգ քհնյ. Արշակեանը եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն ոմանք:
Յետ ծանօթութեան, ջերմ մթնոլորտի մէջ փոխանակուեցան զանազան նիւթեր եւ մանաւանդ Իրաքի Քրիստոնեայ եւ Իսլամ ժողուուրդներու միջեւ եղած պատմական փոխ յարաբերութեանց հետ առնչուող հարցեր:
Աւարտին, պատուիրակութեան անունով դոկտոր Ապասը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Հայր Սուրբին ու հրաւիրեց զայն այցելելու Սուլէյմանիա քաղաք գտնուող իրենց կեդրոնատեղին:


