Ի բացառութիւն նախորդ տարիներուն, այս տարի Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի թելադրանքով, կատարուեցաւ ամբողջովին մթութեան մէջ:
Պատարագէն առաջ, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը, Սարկաւագները ինչպէս նաեւ Ազգային վարժարանի սաներէն ոմանք մոմի լոյսերու ներքոյ ներկայացուցին Սուրբ գրային ընթերցումներ եւ մարգարէութիւններ: Այնքան նուիրական էր պահը, որ խոր ազդեցութիւն թուղուց ներկայ հաւատացեալներու հոգիներուն մէջ:
Պատարագիչն էր արժ. Տ. Գէորգ քհնյ. Արշակեան:
Յիսուս մանուկի հրաշափառ ծնունդի մասին Իր քարոզին մէջ խօսեցաւ Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը շեշտը դնելով լոյսի խորհուրդին վրայ:
Պատարագի աւարտին, եկեղեցին լուսաւորուեցաւ խորհրդանշելով Յիսուսի Ծնունդը եւ աշխարհ գալը: Ներկայ հաւատացեալները եկեղցւոյ Սուրբ Սեղանէն առնուած լոյսէն մոմեր վառեցին ու տարինիրենց հետ, իրենց բնակարանները Աստուծոյ լոյսով պայծառածնելու հաւատքով:
Յ.Գ.
Առաջնորդարանս խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ Պարոն Րաֆֆի Լուսէեանին օրուայ լուսանկարները անսակարկ տրամադրելու համար:
















