Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ շնորհաւորաքներ ներկայացնելու նպատակով, ամսոյս 4ին Իրաքահայ Թեմ այցելեց «Քէսէնզանի» դաւանանքին պատկանող տասը  անձնաւորութիւններէ բաղկացած Իսլամ պատուիրակութիւն գլխաւորութեամբ մշակութային խորհուրդի նախագահ դոկտ. Ահեմէտ Ապաս-ի: Պատուրակութեան ընդունեցին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը, Արժ. Տ. Գէորգ քհնյ. Արշակեանը եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն ոմանք:

Յետ ծանօթութեան, ջերմ մթնոլորտի մէջ փոխանակուեցան զանազան նիւթեր եւ մանաւանդ Իրաքի  Քրիստոնեայ եւ Իսլամ ժողուուրդներու միջեւ եղած պատմական  փոխ յարաբերութեանց հետ առնչուող հարցեր:

Աւարտին, պատուիրակութեան անունով դոկտոր Ապասը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Հայր Սուրբին ու  հրաւիրեց  զայն այցելելու Սուլէյմանիա քաղաք գտնուող իրենց կեդրոնատեղին:

About The Author

By iamc