Յունուար 6ի առաւօտ, Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Սուրբ Տօնին առիթով, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան, Հայ Առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ կամարներուն տակ մատուցուեցաւ Հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Պատարգիչն էր Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը: Յընթացս Սուրբ Պատարագի կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւն: Աւարտին, Սուրբ Միւռոնով օրհնուած ջուրը բաժնուեցաւ հաւատացեալներուն որպէս նուիրական դարման հոգեկան եւ մարմնական հիւանդութիւններու:
Յետ Պատարագի, Քրիստոնեայ եւ Իսլամ կրօնքներու բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ ներկայացուցիցներ ինչպէս նաեւ հաւատացեալներէն շատեր շնորհաւորեցին Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ:
Յ.Ք. Առաջնորդարանիս տեղեկատուական համակարգը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Պարոն Րաֆֆի Լուսեանին, օրուան լուսանկարները տրամադրելուն համար:








































