Յունուարի 14ին, մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Յովհաննու Կարապետի ծննդեան տօնն է: Այս առիթով, յաջորդ օր, Կիրակի, հանդիսաւոր Սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ նուիրուած Պաղտատի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան:
Պատարագը, զոր համացանցային կապով սփռուեցաւ ամենուր, մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը:
Այս առիթով օրհնուեցան Հարիսա, աղ ու հաց եւ յետ պատարագին բաժնուեցան հաւատացեալներուն Ազգային Ծերանոցի դահլիճին մէջ:
Սուրբ պատարագին իր մասնակցութիւնը բերաւ Էրպիլի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տ Արթուն քհնյ. Խալաթեանը:











