ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Շիիթ Բարձրաստիճան Կրօնականներու Այցը Առաջնորդարան

Յունուարի 25ին առաւօտեան ժամը 11ին, Իրաքի Շիիթ Կրօնապետ  (Սամահաթ Ալ-Սէյիտ Մուքթատա Ալ- Սատըր)ի օգնականներէն՝ Շէյխ Ալաա Ալ-Լամի رئيس مؤسسة الشهيدين الصدرين  պատուիրակութեամբ մը այցելեց Իրաքահայ Թեմ:

Պատուարժան հիւրերուն ընդունեց Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը:

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ երկու կողմերը քննարկեցին զանազան հարցեր, Քրիստոնեայ եւ Իսլամ  ժողովուրդներու միջեւ  դարերէ ի վեր արմատացած սերտ յարաբերութիւնները, Իրաքի ու յատկապէս Քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց  յուզող խնդիրներ եւ այլն:

Հանդիպման ընթացքին  պատուիրակութեան նախագահը վերոյիշեալ հաստատութեան անունով պատուոգրեր յանձնեց Առաջնորդ Հայր Սուրբին: Այդ առիթով փոխանակուեցան շնորհակալական խօսքեր:

Աւարտին, պատուիրակութիւնը  այցելեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցին:

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: