Հովւական այցելութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանը Յունուար 26 ի երեկոյեան  մեկնեցաւ Հիւսիսային շրջան։ Էրպիլի մէջ զինքը դիմաւորեցին  հոգեւոր հովիւ արժ.  Տ. Արթուն քհնյ. Խալաթեանը, Թաղական Խորհուրդի  ատենապետն ու անդամները, Էրպիլի Հայոց  Մշակութային Միութեան ատենապետն ու անդամները,  Եկեղեցւոյ Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբը և հոյլ մը երկսեռ երիտասարդութիւն։ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական վարչութեան անդամ պրն. Գէորգ Գատոյեանը, բրշհ. Արամ սրկ. Քէթէնճեանը և պրն. Վահիկ Աւետիսեանը։

Յաջորդ օր առաւօտ, Առաջնորդ Հայր Սուրբի հանդիսապետութեամբ և հոծ հաւատացեալներու մասնակցութեանբ` Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Հաւրէզք հայաբնակ գիւղի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ  վախճանեալ Տ. Տիրան քհնյ. Սարգիսեանի տարելիցին առթիւ։ Պատարագիչն էր Տհօքի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Մասիս քհնյ. Շահինեանը։ Իր քարոզին մէջ, Առաջնորդ Հայր Սուրբը  մէջբերումներ ըրաւ Աստուծոյ պարգեւած անմահ լոյսի մասին և  զայն ընդունելու հնարաւորութիւնը մեր հոգիներուն մէջ ։  Խօսեցաւ մեզի բաշխուած առժամեայ կեանքի  ու մարմնի և զանոնք մաքուր պահեկու անհրաժեշտութեան մասին,  յաւիտենական կեանքին արժանանալու նպատակով։

Յետ պատարագին  եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուեցաւ  ի Տէր հանգեալ  Տէրհօր գերեզմանօրհնէքի արարղութիւն։

Յիշատակութեան արժանի է, որ այս առիթով Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը այցելեց վախճանեալ Տէրհօր բնակարանը և իր խորազգաց ցաւակցութիւնը յայտնեց տիրամօր, երեցկնոջ և միւս հարազատներուն։

About The Author

By iamc