ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ՀԱՒՐԷԶՔԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Posted on
Հիւսիսային շրջան կատարած իր հովուական այցելութեան նախավերջին օրը Փետրուարի 4ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդը, Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնին, Հաւրէզք գիւղի <<Սուրբ Սարգիս>> եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով Պատարագ մատուցեց և յաւուր պատշաճի քարոզեց, որու ընթացքին, Առաջնորդարանին անունով արծաթեայ խաչով զարդարուն Սուրբ գիրք նուիրեց Հաւրէզքի եկեղեցւոյն, ապա օրհնեց և շնորհաւորեց Սարգիս անունը կրող չորս հոգիներ, որոնց Առաջնորդարանի անունով խորհրդանշական նուէրներ բաշխեց։
Պատարագէն ետք աղ, հաց ու Հարիսա օրհնուեցաւ եւ գիւղի սրահին մէջ ժողովուրդին բաժնուեցաւ։ Այս ուրախ առիթով ներկաներէն շատերը շուրջ պար բռնեցին <<դհոլ _ զուրնայի>> նուագներէն ոգեշնչուած։
Յիշատակութեան արժանի է, որ Տօնին նախորդող օրը, յիշեալ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած էր Նախատօնակ, որմէ ետք Հայր Սուրբը առիթ ունեցած էր այցելելու գիւղի հիւանդներուն և աղօթելու անոնց առողջութեանը համար։