Հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեանի, Հայ Եկեղեցասիրաց կազմը (ՀԵԿ), 2023ի Փետրուարի 10ին, Նորաշէնի ազգապատկան կեդրոնին մէջ վերսկսաւ իր հաւաքները: Հանդիպումը բացուեցաւ Տէրունական Աղօթքով, որմէ ետք պատմական ակնարկ տրուեցաւ ՀԵԿի դաստիարակչական եւ հոգեւոր գործունէութեան մասին, 1986 իր հիմնադրութեան թուականէն մինչեւ մեր օրերը, ապա ներկայացուցաւ գործունէութեան ապագայ ծրագիրը, որուն հիմնական տարրը, ինչպէս առաջ, հիմա ալ պէտք է ըլլայ երիտասարդութիւնը, Ազգասիրութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր սկզբունքներով դաստիարակուած սերունդ մը պատրաստելու նպատակաով

Հանդիպումը աւարտեց Հայր Սուրբի օրհնութեան խօսքով:

About The Author

By iamc