Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գեր Տ.Օշական  եպս. Կիւլկիւլեանի, Առաջնորդարանին առընթեր գործող Հայ Եկեղեցասիրաց Կազմը (ՀԵԿ) ամսոյս 13ի երեկոյեան ժամը 7ին, ձեռնարկ մը կազմակերպեց Սրբոց Վարդանանց Տօնին առիթով Նորաշէնի Մշակութային Կեդրոնին մէջ։

Այս հոգեշէն միջոցառման  ներկայ եղան ՀՀ Դեսպանութեան հաւատարմատար Պարոն Ռուբէն Սողոյեանը եւ Հիւպատոս Պարոն Հրաչեայ Յովհաննէսեանը ինչպէս նաեւ Քրիստոնեայ և այլ կրօններու գրասենեակի վարչական բաժնի տնօրէն Պարոն Նովագ Պետրոսեանը։

About The Author

By iamc