Սուրբ Աստուածամօր Վերարփոխման հրաշալի Տօնը Պաղտատի տարբեր յարանւանութիւններուն՝ Իսլամ եւ Քրիստոնեայ ու մանաւանդ Հայ ազգի զաւակներուն համար հաւատքը խորացնող ու հոգիները անդորրացնող անսպառ աղբիւր է: Այս հոգեհարազատ Տօնին շաբաթը աննկարագրելի եռուզեռ մը կ՛ապրի Պաղտատի Հայ Առաքելական «Ս. Աստուածածին» դարաւոր եկեղեցին (հիմն. 1639): Հաւատացեալները ամբողջ շաբթուան ընթացքին, առաւօտեան ժամերէն մինչեւ ուշ գիշեր կը հաւաքուին այդ նուիրական ուխտատեղին ու սրտաբուխ աղօթքներով կը հայցեն Սուրբ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը: Այս Տօնի կապակցութեամբ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն, Օգոստոսի 12 եւ 13ին հերթաբար Սուրբ եւ Անմահ Պատարագներ մատուցուեցան թէ՛ «Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ» եւ թէ՝ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ ուր նաեւ կատարուեցաւ Խաղողօրհնէքի գեղեցիկ աւանդութիւնը : Հիւսիսային շրջան տուած հովուական այցելութենէն վերադարձին՝ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանը Պասրայի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Հ. Ղեւոնդ աբղյ. Սաղաթելեանի, արժ. Տ. Գէորգ քհնյ. Արշակեանի եւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ պարոն Կարապետ Գալուստեանի ընկերակցութեամբ՝ Երեքշաբթի օր, Օգոստոսի 15ին այցելեց Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ հանդիպումներ ունեցաւ Հայ եւ ոչ Քրիստոնեայ հաւատացեալներուն հետ: Յատկանշական է որ այս հոգեպարար արարողութեանց մասնակցեցաւ Իրաքահայ Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գեր. Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանը: Կը կարեւորենք յիշել նաեւ որ Հայ Եկեղեցասիրաց Կազմի (ՀԵԿ) երկսեռ երիտասարդութիւնը ընդառաջելով եկեղեցապան մարմինի թելադրանքներուն եւ յանձնարարութիւններուն՝ զանազան աշխատանքներով յիշեալ օրերուն իր ծառայութիւնը բերաւ եկեղեցւոյ պայծառացման համար: «Անշեղ հաւատքի, անբիծ մայրութեան Ու խոնարհութեան Դու խորհուրդ խորին: Անսպառ լոյսի, անչափ բարութեան Ու յուսոյ խորան՝ Սուրբ Աստուածածին:»
Արամ սարկաւագ

























































