Չորեքշաբթի օր, Ապրիլի 3ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Առաջնորդարանին առընթեր գործող Ազգային նախակրթարանի տնօրէնը եւ ուսուցչական կազմէն ոմանք, որոնք եկած էին Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան Տօնին առիթով իրենց բարեմաղթանքները յղելու Նորին Սրբազնութեան։ Առիթը յարմար նկատելով, վարժարանի տնօրէնը` դոկտոր Սապահ Իլիիյա ուսուցչական կազմին անունով երախտիքի խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր և Կեդրոնական վարչութեան, դպրոցի յառաջընթացին ի խնդիր անոնց ներկայացուցած թէ՛ բարոյական և թէ նիւթական օժանդակութեանց համար։
Հանդիպման ներկայ եղան նորանշանակ քահանայ հայրերը և Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը։
Առաջնորդարանի Տեղեկատուական գրասենեակ



