ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԲԱԺԻՆ
Հանդիսապետութեամբ Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի՝ Շաբաթ օր, Ապրիլի 27ի առաւօտուն հերթաբար տեղի ունեցան Ազգային Մանկապարտէզի եւ Ազգային Երկսեռ Նախակրթարանի աւարտական հանդէսները:
Մեր սիրասուն փոքրիկները իրենց յատուկ անմեղութեամբ եւ Աստուածապարգեւ շնորհներով շատ գեղեցիկ ու ոգեշնչող ելոյթներ ունեցան՝ հայկական երգերով, պարերով, արտասանութիւններով եւ նուագներով:
Այս առիթով, անհրաժեշտ կը նկատենք մէջբերում մը ընել Առաջնորդ Սրբազան Հօր, նախակրթարանի բեմէն արտասանած շինիչ եւ ոգեցունց խօսքէն:
Ան ըսաւ,- «… Ինչ որ տեղի ունեցաւ այսօր մեր մատղաշ սերունդին կողմէ, վստահաբար ամենամեծ պայքարն է Հայոց Ցեղասպանութեան դէմ. Հայ ազգի կայունութեան ու գոյատեւման գրաւականը…»:
Հանդիսութեանց ներկայ եղան հոգեւորականաց դասը, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամներէն ոմանք, ուսուցչական կազմը, հիւրեր եւ ծնողներ:














