Այսօր, Ապրիլ 5ի առաւօտուն, հանդիսապետութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ.  Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի, Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Պատարագիչն էր  Արժ. Տ. Արտակ քհն. Միրզոեանը, որը Արժ. Տ.  Սեպուհ քհն. Պաղտասարեանի հետ ծառայութեան կոչուած է Իրաքահայ Թեմին մէջ։

Կը կարեւորենք յիշել որ յընթացս Սուրբ Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  հաւատացեալներուն ներկայացուցած էր նորանշանակ հոգեւորականները, բարի գալուստ և բարի առաքելութիւն մաղթելով անոնց։

Առաջնորդարանի Տեղեկատուական գրասենեակ

About The Author

By iamc