Ներկայութեամբ Իրաքահայոց Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի, Ուրբաթ, 25 Սեպտեմբեր 2026-ին, Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ՀՀ Անկախութեան 35-րդ տարեդարձին առիթով մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։
Պատարագը մատուցեց Պասրայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Դերենիկ աբեղայ Սահակեանը։
Աւարտին կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք։
Պատարգին ներկայ եղան Իրաքի մէջ ՀՀ Դեսպան Պրն. Ռուբէն Սողոյեանը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պրն. Կարապետ Գալուստեանը եւ Վարչութեան անդամներէն ոմանք։
Այնուհետեւ, Ազգային Վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը։
Լուսանկարները՝
Օրդ։ Մարիամ Մարտիրոսեան




































