Այսօր, Ապրիլ 5ի առաւօտուն, հանդիսապետութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի, Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Արտակ քհն. Միրզոեանը, որը Արժ. Տ. Սեպուհ քհն. Պաղտասարեանի հետ ծառայութեան կոչուած է Իրաքահայ Թեմին մէջ։
Կը կարեւորենք յիշել որ յընթացս Սուրբ Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հաւատացեալներուն ներկայացուցած էր նորանշանակ հոգեւորականները, բարի գալուստ և բարի առաքելութիւն մաղթելով անոնց։
Առաջնորդարանի Տեղեկատուական գրասենեակ











