2024 թուականի Հոկտեմբեր 15ին լրացաւ Ազգային Տարրական Վարժարանի վերաբացման քսաներորդ ամեակը:
Պաղտատահայ մատղաշ սերունդին քրիստոնէավայել սկզբունքներ ու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու նպատակով Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանը խոհեմ որոշում կայացուց վերաբանալ երեսուն տարիներու ակամայ դադրած ազգային վարժարանը: Հետեւաբար այդ օրերու պատասխանատուներու ջանքերով պետական յատուկ արտօնութիւն ձեռք բերելէ ետք՝ 2004ի Հոկտեմբեր 15ին հնչեց դպրոցին առաջին զանգը 161 ուսանողներու առջեւ:
Դպրոցի արտօնատէրն ու առաջին տնօրէնը եղաւ այդ օրերու առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանը:
2005 ին տնօրէնի պաշտօնը ստանձնեց պարոն Գառնիկ Աւագեանը, ապա պարոն Ալպէր Չոլաքեանը, իսկ այժմու տնօրէնն է դոկտոր Սապահ Իլիիյան:
Թէեւ քսան տարիներու իր պատմութեան ընթացքին ազգային այս կրթօճախը անցաւ զանազան վերիվայրումներէ ու հանդիպեցաւ դժուարութիւններու, սակայն դիմակայեց զանոնք ու կրցաւ գոյատեւել ու ծաղկուն մնալ ցայսօր:
Երկսեռ շակերտութիւնը ուսուցիչնրու հետեւողութեամբ ու քաջալերանքով վարժարանի Կիւլպէնկեան սրահին մէջ յիշատակեց Ազգային տօները (Թարգմանչաց, Վարդանանաք, Հայոց Ցեղասպանութիւն) եւ կազմակերպեց այլ միջոցառումներ ու հանդիսութիւններ. հրատարակեց «Մաշտոց» պատկերազարդ տարեգիրքն ու «Կայծ» պատի թերթը եւ այլն…:
Առաջնորդարանին առընթեր գործող հաստատութիւն ըլլալուն համար՝ Վարժարանը միշտ ալ վայելած է Թեմի Առաջնորդին եւ իրարայաջորդ Կեդրոնական Վարչութեանց ինչպէս նաեւ Կրթական Յանձնախումբի հոգատարութիւնն ու օժանդակութիւնը:
Թէեւ վերջին տարիներուն, պայմաններու բերմամբ աշակերտութեան թիւը ակնյայտօրէն նօսրացած է, սակայն վարժարանը Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի հետեւողութեամբ եւ Ազգային իշխանութեան օժանդակութեամբ կը շարունակէ իր ընթացքը:
Արամ Քէթէնճեան
Հայոց լեզուի ուսուցիչ
18 Հոկտ. 2024
٢٠٠٤-٢٠٢٤
— Լուսանկարները՝
Սանտրա Գէորգեան, Խաչիկ Թորոսեան եւ Րաֆֆի Լուսէեան







































































