Շաբաթ, 3 Յունուար, 2026-ի առաւօտուն, Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը հովանաւորեց Պաղտատի Ազգային Վարժարանի եւ Մանկապարտէզի Նոր Տարուան հանդէսը:

Մեր սիրասուն փոքրիկներու ամանորեան եւ ազգասիրական  երգերը, պարերն ու արտասանութիւնները  մեծ խանդաւառութիւն առաջացուցին ներկաներուն մօտ:

Հանդէսը  տեղի ունեցաւ  վարժարանի կիւլպէնկեան սրահին մէջ,  ներկայութեամբը արժանապատիւ քահանայ հայրերուն,  կեդրոնական վարչութեան, առաջնորդարանի պաշտօնէութեան, ուսուցչական կազմին եւ  ուսանողաց  ծնողներուն։

Լուսանկարները’

Րաֆֆի Լուսեան

About The Author

By iamc