Շաբաթ, 4 Յունուար, 2025-ի առաւօտուն, Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը հովանաւորեց Պաղտատի Ազգային Վարժարանի եւ Մանկապարտէզի Նոր Տարուան հանդէսը:
Մեր սիրասուն փոքրիկներու ամանորեան եւ ազգասիրական երգերը, պարերն ու արտասանութիւնները մեծ խանդաւառութիւն առաջացուցին ներկաներուն մօտ:
Հանդէսը տեղի ունեցաւ վարժարանի կիւլպէնկեան սրահին մէջ, ներկայութեամբը արժանապատիւ քահանայ հայրերուն, կեդրոնական վարչութեան, առաջնորդարանի պաշտօնէութեան, ուսուցչական կազմին եւ ուսանողաց ծնողներուն։
Լուսանկարները’
Մարիամ Մարտիրոսեան























