Հինգշաբթի, 20 Մարտ, 2025-ի առաւօտուն, Իրաքահայ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը հովանաւորեց Պաղտատի Ազգային Վարժարանի եւ Մանկապարտէզի “Մայրերու Տօն”ին առիթով կազմակերպուած հանդէսը:

Այս առիթով վարժարանի սիրասուն փոքրիկները հանդէս եկան երգերով եւ արտասանութիւններով, արտայայտելով իրենց սէրն ու երախտագիտութիւնը մօր նկատմամբ։

Հանդիսութեան ներկայ եղաւ Արժ․Տ․ Արտակ Քհնյ. Միրզոեանը, Ազգային նախակրթարանի տնօրէն` դոկտոր Սապահ Իլիիյաը  եւ ուսուցչական կազմը։

Լուսանկարները՝

Մարիամ Մարտիրոսեան

Առաջնորդարանի Տեղեկատուական գրասենեակ

About The Author

By iamc